image

Արցախի մէջ. Համաներման նոր օրինագի՞ծ

Արցախի  մէջ. Համաներման նոր օրինագի՞ծ

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը ֆեյսպուքեան գրառում կատարած է:

«Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Հաշուի առնելով համավարակային ստեղծուած իրավիճակը եւ օգտուելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահին Սահմանադրութեամբ վերապահուած իրաւունքէն՝ նախաձեռնած եմ համաներման եւ ներման առանձին գործընթացներ:

Համաներում յայտարարելու մասին օրէնքի նախագիծը շուտով պիտի ներկայացնեմ Ազգային ժողով՝ առաջարկելով այն տարածել մինչեւ 1 յուլիսը ներառեալ որոշ յանցագործութիւններ կատարելու մէջ կասկածուող, մեղադրուող կամ դատապարտուած անձանց վրայ:

Յ.Գ. Այս մարդասիրական քայլի շուրջ քննարկումները սկսանք ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւ ոստիկանապետի հետ 13 յունիսին քրէակատարողական հիմնարկ այցելելէ ետք»,-գրած է ան: