ՀՀ նախագահի հրամանագիրով Արայիկ Յարութիւնեանն ազատուած է ԿԳՄՍ նախարարի պաշտօնէն:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.
Արայիկ Յարութիւնեանը ազատել կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի պաշտօնէն»,-ըսուած է հրամանագրին մէջ:
Նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով Վահրամ Դումանեան նշանակուած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար: