image

Արայիկ Յարութիւնեանն ազատուած է ԿԳՄՍ-ի նախարարի իր պաշտօնէն. Վահրամ Դումանեանն նշանակուած է նախարար

Արայիկ Յարութիւնեանն ազատուած է ԿԳՄՍ-ի նախարարի իր պաշտօնէն. Վահրամ Դումանեանն նշանակուած  է նախարար

ՀՀ նախագահի հրամանագիրով Արայիկ Յարութիւնեանն ազատուած է ԿԳՄՍ նախարարի պաշտօնէն:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.

Արայիկ Յարութիւնեանը ազատել կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի պաշտօնէն»,-ըսուած է հրամանագրին մէջ:

Նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով Վահրամ Դումանեան նշանակուած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար: