image

Առաջին անգամ ըլլալով անցնող 48 ժամերուն Սուրիոյ մէջ զոհեր չեն գրանցոած

Առաջին անգամ ըլլալով անցնող 48 ժամերուն Սուրիոյ մէջ զոհեր չեն  գրանցոած

Անցնող  երկու օրերուն Սուրիոյ  մէջ հաստատուած հրադադարը կը շարունակուի անխափան կերպով: Այս մասին լուր  փոխանցող աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ ամէնէն թէժ պատերազմական ճակատներուն վրայ՝ Հալէպէն Իտլիպ,  Դամասկոսի գիւղական  շրջաններ, Տարհա եւ Հոմս  առաջագիծ  համարուող  աւաններուն մէջ  կը տիրէ խաղաղ,  բայց   զգուշաւոր դրութիւն մը:  Կը հաղորդուի  նաեւ, որ   երկար  ժամանակէ ի վեր  առաջին անգամն է, որ  Սուրիոյ  մէջ զոհեր չեն գրանցուիր: Յիշեցնենք, որ հրադադարը կը կրէ ռուս-ամերիկեան ստորագրութիւն եւ անոր հիմքով  ռուսական ուժեր, կամ   միջազգային դաշինքի ուժեր    օդային գրոհներ կատարեն  մասնաւորապէս Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման դիրքերուն  դէմ: