Քրտական ուժերու տիրապետութեան տակ եղող Սուրիոյ Թալ Ապիատ աւանին մէջ այսօր ամերիկեան ուժեր տեղակայուած են: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թալ Ապիատի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, կարգ մը շէնքերու տանիքներուն ամերիկեան դրօշակներ տեղադրուած են: «Արեւելք»ի աղբիւրը, այս մասին խօսելով, մասնաւորապէս ըսաւ. «Մեզի համար անակնկալ էր, որ առաւօտ արթննայինք եւ տարբեր շէնքերու տանիքներուն ամերիկեան դրօշակներ տեսնէինք»: Ան նաեւ ըսաւ, որ հակառակ անցնող օրերուն տիրող զգուշաւոր իրավիճակին, այսօր աւանին մէջ իրադրութիւնը եղած է համեմատաբար աւելի խաղաղ: Տարբեր աղբիւրներ ամերիկեան ուժերու՝ Թալ Ապիատ հասնելու մասին կը հաղորդեն, որ ԱՄՆ բանակի այդ շրջանի հրամանատարութիւնն այս քայլը կատարած է` կանխելու համար թրքական ուժերու կողմէ, որեւէ տեղաշարժ՝ Ռաքքայի սահմանակից եղող Թալ Ապիատի ուղղութեամբ: Նշենք, որ ինչպէս ասկէ առաջ ալ հաղորդած ենք ՝ Թալ Ապեատի մէջ կ'ապրին շուրջ 15 հայ ընտանիքներ: Ընտանիքներու հայրերը մեծաւ մասամբ կը զբաղին ինքնաշարժներու եւ տարբեր օգտագործման կառքերու վերանորոգման գործերով: Աւանին մէջ կանգուն կը մնայ «Սուրբ Խաչ» Հայ Առաքելական եկեղեցին, որ մօտիկ անցեալին կը գտնուէր Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ, իսկ վերջին շրջանին աւանին քրտական ջոկատներու տիրապետութեան տակ անցնելէն ետք եկեղեցին յանձնուած էր գիւղի հայ բնակչութեան: