image

Anonymous Այսօր «յարձակում» պիտի գործէ իսրայէլեան կայքերու դէմ

Anonymous    Այսօր «յարձակում»  պիտի գործէ իսրայէլեան կայքերու դէմ

«Ալ-Ժումհուրիա»- Ցանցահէններու միջազգային  կազմակերպութիւն «Anonymous» -ը յայտարարած է Իսրայէլեան կայքերու վրայ լայնածաւալ էլեկտրոնային յարձակման պատրաստութեան մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժումհուրիա»ն, նշելով, որ կազմակերպութիւնը «You Tube»-ի վրայ տեսերիզ մը տեղադրած է, ուր կը բացայայտէ Իսրայէլի դէմ իր այս մտադրութեան մասին, որպէս աջակցութիւն բանտարկեալ Պիլալ Գայէտին՝  1 օգոստոսը նշելով որպէս յարձակման մեկնարկման օր: Կազմակերպութիւնը դիմատետրի իր էջին գրած է՝ «ժամեր կը բաժնեն մեզ մեծ  իրադարձութենէն ... յոյսով ենք, որ աշխարհի ազատները կը միանան մեզ այս յարձակումին»: Կազմակերպութիւնը նաեւ յայտնած է, որ  Իսրայէլին  կը սպասէ    մեծ անակնկալ  մը,  հաստատելով, որ այս քայլը կը կատարուի հացադուլ յայտարարած բանտարկեալ Պիլալի Գայէտի  եւ Իսրայէլեան բանտերու   մէջ  գտնուող բոլոր բանտարկեալներուն աջակցութեան համար:Նշենք, որ 14 ու կէս  տարի բանտարկութենէ ետք, Պիլալ Գայէտի   դէմ  ազատ, առանց մեղադրանքի՝  6 ամսուան վարչական կալանքի հրաման հրապարակուած էր:  Գայէտ,  եղած անօրինականութեան դէմ  առ ի բողոք հացադուլ   յայտարարած է: