ԱՄՆ պետական բաժանմունքը որոշած է «Քորոնա» ժահրի դէմ համաշխարհային պայքարի փաթեթի շրջածիրէն ներս 1.1 միլիոն տոլար յատկացնել Հայաստանին։ Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբը՝ նշելով, որ ընդհանուր փաթեթը պիտի կազմէ 274 միլիոն տոլար եւ պիտի տրամադրուի աշխարհի 64 ամենավտանգուած երկիրներուն։
Աւելի վաղ յանձնախմբի պատասխանատու Ռաֆֆի Համբարեանը Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրեյսիին կոչ ըրած էր աջակցելու, որպէսզի ԱՄՆ–ը աջակցութիւն տրամադրէ Հայաստանին ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար։
