Երէկ ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնեայ մը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր է յաւելեալ 1000 բանակային տեղակայել Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ մինչդեռ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը՝ Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին դիւանագիտական լուծում փնտռելուն:
Ամերիկացի բանակայիններու թիւի այս յաւելումով, որուն պէտք է իրենց համաձայնութիւնը տան երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամբն ու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսը՝ ամերիկացի զնուորներու թիւի, մինչ այդ եղածներուն համեմատած, պիտի ըլլայ ամենախոշոր շարքը, որոնք Սուրիոյ մէջ պիտի պայքարին «Տահէշ»ի դէմ:
Նշեք, որ անցեալ շաբաթ եւս Ռաքքայի մօտակայքը , ամերիկեան Մարինզի ուժերուն պատկանող հրետանիներ տեղակայուած էր: