Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սիւլէյմանով խորհրդակցութիւններու համար կանչուած է Պաքու. այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» լրատուական կայքը:
Դեսպանին տուն կանչուիլը համընկնած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան, որուն պատճառը ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուած մըն է:
Յօդուածի հեղինակները՝ Միացեալ Նահանգներու «ՄըքՔէյն» միջազգային ղեկավարման հիմնարկի մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան գծով տնօրէն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին տեղակալ Տէյվիտ Քրէյմըր եւ Ազրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, իսկ ներկայիս՝ «Ճորճ Մէյսըն» համալսարանի դասախօս Ռիչըրտ Քոզլարիչ, խստօրէն քննադատած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման՝ պահանջելով Պաքուի դէմ «յստակ քայլերու դիմել», եւ կոչ ընելով Ուաշինկթընին, որ տուն կանչէ Ազրպէյճանի մօտ իր դեսպանը:
Հեղինակները գրած են, որ մինչ անցեալին Միացեալ Նահանգներ մարդկային իրաւունքները ոտնահարող Ազրպէյճանի իշխանաւորներուն դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու նախաձեռնութիւններ կատարած է, այսօր սակայն Պաքուի նկատմամբ նոյն խստապահանջութիւնը չի տեսնուիր։ Անոնք կը յիշեցնեն, թէ Օպամա կարիքը չունի օրէնսդրական քայլի մը, այլ այդ պատժամիջոցները կրնայ գործադրել նաեւ մեկնելով իր ունեցած նախագահական լիազօրութիւններէն:
Յօդուածին մէջ նաեւ կ'առաջարկուի չօժանդակել Ազրպէյճանին, որ ներկայիս, շարունակ վատթարացող իր տնտեսութիւնը փրկելու համար, Միջազգային դրամական հիմնադրամին եւ Համաշխարհային դրամատան դիմած է՝ վարկեր ստանալու պահանջով:
Հեղինակներուն կարծիքով, այնքան ատեն, որ Ազրպէյճան ազատ չէ արձակած իր բոլոր քաղաքական բանտարկեալները եւ չէ դադրեցուցած պետական լրատուամիջոցներուն կողմէ հակաամերիկեան հռետորաբանութիւնը, Միացեալ Նահանգներ պէտք է երկարաժամկէտ խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչէ Ազրպէյճանի մօտ իր դեսպանը: