Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Ֆեթուլլահ Կիւլէնին ցարդ չյանձնելը ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու մէջ լուրջ խնդիր կ'առաջացնէ` աւելացնելով, որ ԱՄՆ-ի նկատմամբ եղած վստահութիւնը ամբողջութեամբ կը չէզոքանայ, եթէ Սուրիոյ քիւրտերը Եփրատ գետի արեւելեան ափ չանցնին:
Չաւուշօղլուն հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ հանրապետութիւն մեկնելէ առաջ «Milliyet» թերթին տուած հարցազրոյցին ըսած է. «Մենք սկզբէն ալ դէմ էինք, որ YPG-ն (Սուրիոյ քիւրտերու զինուած ուժեր) մասնակցէր Մունպիճի գործողութիւններուն: Սակայն ԱՄՆ ըսաւ, որ լոճիսթիք տեսանկիւնէ կարեւոր է գոնէ քիչ թիւով YPG-ականներու մասնակցութիւնը, բայց պրն. Օպաման խոստացաւ, որ գործողութիւնը աւարտելէ ետք YPG-ն ետ կ'անցնի Եփրատի արեւելեան ափ, սակայն մինչ այժմ չէն անցած»:
Չաւուշօղլուի խօսքով Սուրիոյ քիւրտերու զինուած ուժերը ետ չեն քաշուած Եփրատի արեւելեան ափ` հակառակ ԱՄՆ պետքարտուղար Ճոն Քերիի եւ փոխնախագահ Ճո Պայտընի հաւաստիացումներուն:
«Մենք ալ ըսած ենք, որ ետ չնահանջելու պարագային կը հարուածենք (քիւրտերուն): ԱՄՆ-ն մեզմէ ժամանակ ուզած է: Եթէ այդ ժամանակահատուածին ալ չհեռանան, կը նշանակէ, որ Ուաշինկթըն չի կատարեր իր խոստումը: Այդ ժամանակ ԱՄՆ-ի հանդէպ ունեցած մեր վստահութիւն ամբողջապէս կը կորսնցնենք»: Թուրք նախարարը աւելցուցած է նաեւ, որ այս պահուն թուրք ժողովուրդի մօտ ԱՄՆ-ի հանդէպ ունեցած վստահութիւնը ամենացած մակարդակի վրայ կը գտնուի: