Թրքական «Ինճիրլիք» ռազմակայանի մէջ, ԱՄՆ զինուած ուժերու միացեալ կոմիտէի ղեկավար Ճոզէֆ Տանֆորտի եւ Թուրքիոյ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետ Հուլուսի Աքարի միչեւ տեղի ունեցած հանդիպման վերջնական համաձայնութիւն չէ կայացուած Ռաքքայի մէջ համատեղ ռազմական գործողութիւն իրականացնելու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հիւրրիյէթ», նշելով, որ անհամաձայնութեան պատճառ հանդիսացած է ԱՄՆ-ի կողմէ աջակցութիւն վայելող քրտական ուժերու Ռաքքայի ազատագրման գործողութեան մասնակցութեան Տանֆորտի առաջարկը, որ մերժուած է թրքական կողէն:
Նշենք, որ նախապէս Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքը շեշտած էր, որ Թուրքիան խիստ անհանգստացած է սուրիական Ռաքքայի ազատագրման գործին «սխալ դերակատարներ» ընտրելու հարցով: