image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ Դեսպան Ռիչըրտ Միլս Մասնակցեցաւ «Արեւիկ-Հայաստան» Կեդրոնի Վերաբացման Հանդիսութեան

ԱՄՆ Դեսպան Ռիչըրտ Միլս Մասնակցեցաւ «Արեւիկ-Հայաստան» Կեդրոնի Վերաբացման Հանդիսութեան

Այսօր, 2 Փետրուար 2016 թ.ին տեղի ունեցաւ մտաւոր եւ ֆիզիքական հաշմանդամութիւն ունեցող սուրիահայերու խնդիրներով զբաղուող «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի ստեղծումը կայացած է «Հալէպ» ՀԿ-ի սուրիահայերու տարբեր տեսակի կարիքները հոգացող բազմազան ծրագիրներու շրջանակներէն ներս: «Հալէպ» կազմակերպութեան այս իւրայատուկ «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի բացման նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը եղած է մտաւոր եւ ֆիզիքական հաշմանդամութեան խնդիրներ ունեցող երեխաներու համար համապատասխան պայմաններ ապահովելն ու հոգեբանական աջակցութիւն ցուցաբերելը: Կեդրոնի ստեղծումը հնարաւոր դարձած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան աջակցութեամբ, մասնաւորապէս՝ Ճուլիա Թաֆթ ֆոնտի՝ «Աւելի լաւ պայմաններ հաշմանդամութեան խնդիրներով սուրիահայ անձանց համար» իրականացուող ծրագրի շնորհիւ:

Կեդրոնի բացման արարողութեան մասնակցած էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչարտ Միլս եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:


 

Հանդիսութեան սկիզբը ելոյթ ունեցաւ  «Հալէպ» կազակերպութեան նախագահ Տիկ. Անի Պալըխեանը, որ ողջունելէ եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք պատուոյ հիւրերն  ու  ներկաները, իր խօսքին մէջ անդրադարձած է «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան համար, ինչպէս նաեւՄայր Հայրենիքի մէջ հաստատուած սուրիահայ համայնքի համար այս օրուան ունեցած մեծ նշանակութեան եւ իւրայատուկ դերակատարութեան,  «Դեռ երէկ էր,  երբ նորաստեղծ «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան գործադիր մարմինը որոշում կայացուց վերաբանալ Հալէպ քաղաքի մէջ շուրջ 13 տարիներ գործած եւ պատերազմի հետեւանքով իր գործունէութիւնը դադրեցուցած «Արեւիկ» յատուկ կարիքներ ունեցող սուրիահայ երեխաներու կեդրոնը Հայրենիքէն ներս: Մայր Հայրէնքի մէջ նոր գոյքով համալրուած «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի վերաբացումը կը վերիմաստաւորէ «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան այն հաւատը, որ միայն միասնաբար գործակցութեամբ, համատեղ ջանքերով եւ միակամ կարնանք ստեղծել խաղաղութեամբ լեցուն բարեկեցիկ աշխարհ, ուր դառն ճակատագրի վէրքերը կ'ամոքուին համամարդկային արժէքներով եւ անխախտ միասնականութիւնը կը ծառայէ որպէս բարօրութեան փարոս» ըսած է ան:

Հանդիսութեան ելոյթ ունեցաւ  Հայաստանի  մօտ  ԱՄՆ  դեսպան Ռիչարտ Միլսը, որ բարձր գնահատած է «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական կազմակերպութեան այս նախաձեռնութիւնը, եւ դրուատած անոր կողմէ սահմանափակ կարողութիւններով օժտուած սուրիահայերու այս խմբակին կարողութիւններու զարգացման ուղղուած ջանքերը:

 


Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբյանը: Յակոբեան ողջունած է «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի սաներն ու անոր գործերը վարող յանձանախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է միջազգային եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, ՄԱԿ-ի փախստականներու գրասենեակին, եւրոպական պետութիւններուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, որոնք կ'օգնեն փախստականներուն, անոնց բազմաթիւ խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ բոլոր բարերարներուն, կազմակերպիչներուն, մանկավարժներուն, որոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն, որ երեխաները ընտելանան նոր միջավայրին եւ իրենց լիարժէք զգան,  հասակակիցներու մէջ օտարուած չզգան:

 


Միջոցառման աւարտին կեդրոնի սաները հանդէս եկած են թատերական ներկայացումով մը, որ արժանացած էր ներկաներու քաջալերական գնահատանքին: