image

Արթուր Վանեցեանն ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ՝ քուէարկելով յանուն արժանապատիւ եւ բարեկեցիկ Հայաստանի

Արթուր Վանեցեանն ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ՝ քուէարկելով յանուն արժանապատիւ եւ բարեկեցիկ Հայաստանի

«Պատիւ ունեմ» դաշինքի ցուցակը գլխաւորող, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանն ընտանիքի անդամներու հետ քուէարկեց Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն։ 

Վանեցեանն իր ընտրութիւնը կատարեց մայրաքաղաքի Հ. Հայրապետեանի անուան թիւ 78 դպրոցին մէջ տեղակայուած 4/35 ընտրատեղամասի մէջ:

«Քուէարկելու եմ յանուն արժանապատիւ, յանուն բարեկեցիկ եւ ապահով Հայաստանի, յանուն մեր մեծ հայրենիքի՝ Արցախի եւ Հայաստանի ապագայի, որովհետեւ այսօր ուղղակի ընտրութիւններ չեն: Այսօր ընտրութիւն է յանուն Հայաստանի լինելու կամ չլինելու»,-մինչ քուէարկութիւնը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Վանեցեանը:

Անդրադառնալով մամուլի մէջ տարածուած այն տեղեկութիւններուն, որոնց համաձայն՝ ընդդիմութեան նկատմամբ ճնշումներ եղած են՝ Վանեցեանն ըսած է, որ իշխանութիւնը հիմա հոգեվարքի մէջ է եւ անոնց բոլոր քայլերը միտուած են ընդդիմութեան դիրքերը թուլացնելուն:

Վանեցեանի խօսքով՝ որեւէ յետընտրական զարգացում պիտի չըլլար, քանի որ ընտրութիւններու արդիւնքները պիտի փաստեն, թէ Հայաստանի մէջ ով պիտի կազմէ իշխանութիւն:

Արթուր Վանեցյանը խոսեց նաև ընտրակեղծիքների մասին՝ ընդգծելով, որ իր թիմակիցները բազմաթիվ խախտումների վերաբերյալ ահազանգեր են ստացել: