image

Ամմանի մէջ սպաննուած է լրագրող Նահէտ Հաթարը

Ամմանի մէջ սպաննուած է լրագրող Նահէտ Հաթարը

Այս առաւօտ Ամմանի մէջ սպաննուած է լրագրող եւ քաղաքական աքթիւիսթ Նահէտ Հաթթարը: Այս մասին լուրը փոխանցեց յորդանանեան «Փէթրա» լրատուական գործակալութիւնը, յայտնելով նաեւ, որ Հաթթար սպաննուած է Ամմանի տահմանադրական դատարանի գլխաւոր մուտքին առջեւ: Անծանօթ մը երեք կապարներ կրակելով տեղն ու տեղը սպաննած է լրագրողը, որ երկու շաբաթ առաջ դրամական հատուցումով դուրս եկած էր բանտէն: Ահաբեկիչը ձերբակալուած է ապահովական մարմիններուն կողմէ: Կը նշուի, որ Հաթթար անցեալ օգոստոսին բանտարկուած էր «Աստուածային էութեան» դէմ ծաղրանկար մը հրապարակելուն համար եւ երկու շաբաթ առաջ դրամական փոխահատուցմամբ դուրս եկած էր բանտէն: Քաղաքական վերլուծաբան եւ լրագրող Հաթթար լիբանանեան «Ալ Ախպար» օրաթերթին  Յորդանանի գլխաւոր հեղինակն է: