image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկա քննութիւն բացած է «Հըզպալլա»ի համար «դրամ լուալու» մէջ մեղադրուող Լիբանանցի ընտանիքի մը դէմ

Ամերիկա քննութիւն  բացած է «Հըզպալլա»ի համար «դրամ  լուալու»  մէջ մեղադրուող Լիբանանցի ընտանիքի մը դէմ

Ամերիկեան արդարադատութեան նախարարութիւնը հետազօտութիւններ կը կատարէ Քէնսասի մէջ գործող ամերիկեան «Սիփըրթ» ընկերութեան եւ լիբանանցի գործարար՝ Քասէմ Թաժ Ալ Տինէն միջեւ եղած առեւտրական գործարքներու վերաբերեալ, յատկապէս վերջինիս անունը ահաբեկչական սեւ ցուցակի մէջ գրանցուելէն ետք: Այս մասին կը գրէ «Ալ Քուտս Ալ Արապի» նշելով, որ հետաքննութեան նպատակն էր բացայայտել, թէ «Սիփըրթ» ընկերութիւնը տօնական օրերու նախօրէին մեծ քանակութեամբ ցորենի գնում կատարած էր ահաբեկչութեան ցուցակի պատկանող առեւտրականէն, թէ՝ ոչ:

«Ուոլ Սթրիթ Ժուրնալ»ի փոխանցմամաբ, Թաժ Ալ Տին (61 տարեկան), իր եղբայրներուն՝ Ալիի եւ Հուսէյնի հետ, Լիբանանի մէջ, հիմնած են սննդային եւ անշարժ գոյքի առեւտրական համաշխարհային ցանց մը: Ընտանիքին ահաբեկչական ցուցակ գրանցուելէն ետք, ամերիկացի հետազօտողներ բացայայտած են «Հըզպալլա»ի համար   «դրամ  լուալու» մէջ մեղադրեալ շարք մը ամերիկեան ընկերութիւններ, որոնք կեղծ անուններով կաշխատին Թաժ Ալ Տինի ցանցին հետ: Ըստ պարբերականին, Թաժ Ալ Տին եղբայրները ծածկելու համար իրենց յարաբերութիւնները, հիմնած են նոր ընկերութիւններ, ինչպիսիք են Արաբ Էմիրութիւններու «Քրոս» ընկերութիւնը եւ «Կրուֆ» սպասարկաման ընկերութիւնը:

Թաժ Ալ Տին եղբայրները իրենց հերթին, հերքած են իրենց հասցէին ուղղուած բոլոր մեղադրանքները:

Յիշեցնենք, որ լիբանանեան «Հըզպալլա»ն Ամերիկայի ահաբեկչութեան սեւ ցուցակի վրայ է, 1995-էն ի վեր: