Վանաձոր քաղաքի օրուան նուիրուած տօնական միջոցառումներու շրջածիրէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ տիկին Աննա Յակոբեանը երէկ մասնակցած են քաղաքի մէջ կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն։
Վարչապետը տիկնոջ հետ նախ այցելած է «Հնարաւորութիւններու քաղաք» ցուցահանդէս, շրջած է Վանաձորի Տիգրան Մեծ պողոտային վրայ տեղակայուած տաղաւարներով, ծանօթացած է ներկայացուած արտադրանքին, մշակութային եւ ձեռագործ աշխատանքներուն, ողջունած վանաձորցիները, շնորհաւորած անոնց քաղաքի օրուան առթիւ եւ բարեմաղթանքներ յղած։
Յաջորդ կանգառը Վանաձորի Արցախ պուրակի շինհրապարակն էր, որ կը բարեկարգուի կառավարութեան եւ Վանաձորի համայնքապետարանի համաֆինանսաւորմամբ, ընդ որում:
Տիգրան Մեծ պողոտայէն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ տիկին Աննա Յակոբեանը շարժած են դէպի Վանաձորի Հայք հրապարակ, ուր մասնակցած են քաղաքի օրուան տօնակատարութիւնները եզրափակող գլխաւոր միջոցառման՝ տօնական համերգով, քաղաքի նոր շատրուաններու բացման արարողութեամբ եւ հրավառութեամբ։
Երկրի վարչապետը հանդէս եկած է շնորհաւորական ելոյթով, որուն մէջ նշած է. «Ես այսօր տեսայ, որ Վանաձորի օրուան կապակցութեամբ ուրիշ քաղաքներէ բազմաթիւ մարդիկ այսօր եկած են այստեղ՝ շնորհաւորելու, եւ սա շատ լաւ աւանդոյթի սկիզբ է։ Մենք կը սիրենք մեր թաղը, մեր ծննդավայրը, մեր քաղաքը, բայց մենք մեր քաղաքային սիրոյ, մեր տեղական սիրոյ սահմանները պէտք է ընդլայնենք, որովհետեւ երեւանցին նոյնքան պիտի սիրէ Վանաձորը, վանաձորցին նոյնքան պիտի սիրէ Գիւմրին, գիւմրեցին նոյնքան պիտի սիրէ Կապանը, կապանցին նոյնքան պիտի սիրէ Եղեգնաձորը, եղեգնաձորցին նոյնքան պիտի սիրէ Արարատը, արարատցին նոյնքան պիտի սիրէ Արմաւիրը, արմաւիրցին նոյնքան պիտի սիրէ Աշտարակը, աշտարակցին նոյնքան պիտի սիրէ Իջեւանը, իջեւանցին նոյնքան պիտի սիրէ Բերդը, բերդցին նոյնքան պիտի սիրէ Նոյեմբերեանը, նոյեմբերեանցին նոյնքան պիտի սիրէ Ալաւերդին եւ այդպէս շարունակ, որովհետեւ մենք չունինք հայրենիք՝ քուչա առ քուչա, փողոց առ փողոց կիսելու։ Մենք ունինք մէկ միասնական հայրենիք, եւ Վանաձորը ոչ միայն վանաձորցիներու, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացիի հայրենի քաղաքն է, իւրաքանչիւր հայու հայրենի քաղաքն է, եւ մենք բոլորս կը սիրենք Վանաձորը։ Եկէք այս աւանդոյթը շարունակենք, ինչպէս այն սկսաւ Գիւմրիի մէջ, կը շարունակուի Վանաձորի մէջ։ Ամէն քաղաքի տօնին մենք ամբողջ հանրապետութիւնով պիտի հաւաքուինք այդ քաղաքին մէջ՝ շնորհաւորելու մեր հայրենի, մեր սիրելի քաղաքի տարեդարձը»։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել