Թուրքիոյ կառավարութեան «Ֆէթո» շարժումի դէմ ծաւալած պայքարի ծիրին մէջ պոլսահայ անուանի բժիշկ Արէտ Գամառ եւս յայտնուած էր ծանր մեղադրանքներու կիզակէտին: Օրերս այդ հարցը գտած է իր արդար լուծումը եւ պոլսահայ մեր հայրենակիցը վերատիրացած է իր իրաւունքներուն: Այս մասին այսօր գրած է «Մարմարա»ն յիշեցնելով, որ 15 յուլիսի զինուորական ձախող հարուածի փորձէն ետք, բոլորովին անակնկալ կերպով փակուած էր Տօքթ. Արէթ Քամառի առաջնորդութեան ներքեւ գործող «Արուեստական բեղմնաւորման կեդրոն»ը, որ կը գտնուի քաղաքի Կիւմիւշսույու շրջանին մէջ: Աղբիւրը կը յայտնէ, որ Տօքթ. Արէթ Քամառի չորս ամիսէ ի վեր յամառ աշխատանք կը տանէր որպէսզի վերադարձուէին իր իրաւունքները եւ, ինք վերաբանալով իր դարմանատունը, շարունակէր աշխատիլ իր ասպարազէն ներս: Ըստ աղբիւրին այս խնդրի լուծման համար կարեւոր ճիգ թափած է Թուրքիոյ իշխող AKP կուսակցութեան Պոլսոյ պատգամաւոր Մարգար Եսայեան:
Կը նշուի, որ Տօքթ. Քամառ յառաջիկայ յունուարին պիտի սկսի իր գործունէութիւնը վերաբանալով Կիւմիւշսույու թաղամասին մէջ գտնուող յայտնի դարմանատունը: