Միացեալ Նահանգներ- Շաբաթ, 12 Դեկտեմբերին, աւելի քան 300 համակիրներու ներկայութեամբ Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած երդման արարողութեան ընթացքին, ՀԵԴի Կրտսերներու շարքերուն միացան 8-16 տարեկանին միջեւ աւելի քան 80 պատանիներ:Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարբեր շրջաններէն ժամանած այս պատանիներու երդման արարողութեան կնքահայրն էր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, որ շնորհաւորելէ ետք պատանիները՝ շեշտեց, թէ անոնք այսուհետեւ պարտականութիւնը ունին ըլլալու տիպար հայորդիներ, տիպար աշակերտներ ու տիպար մարդիկ։ Ան նաեւ շնորհաւորեց ծնողները՝ շեշտելով, թէ իրենց զաւակները ՀԵԴի Կրտսերներու շարքերուն մէջ պիտի ամբողջացնեն իրենց դաստիարակութիւնը։Իր բացման ելոյթին մէջ, ՀԵԴի Կրտսերներու Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ Սարօ Շիրինեան իր երախտագիտական զգացումերը փոխանցեց մասնաճիւղերու վարիչներուն, որոնց նուիրեալ աշխատանքով կարելի եղած է կազմակերպութեան յառաջդիմութիւնը ապահովել։ Ան ողջունեց նաեւ այն իրողութիւնը, որ միայն քանի մը ամիս առաջ 50 պատանիներ եւս միացած էին ՀԵԴի Կրտսերներու շարքերուն։
Ապա տեղի ունեցաւ «Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրին եւ ՀԵԴի Կրտսերներու գործունէութեան մասին տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը, որմէ ետք ՀԵԴի Կրտսերներու Կեդրոնական խորհուրդի անդամ Վիգէն Սօսիկեան փոխանցեց խորհորդին խօսքը՝ ըսելով. «Մեր պարտականութիւնն է պատրաստել մեր Դատին ապագայ գործիչները, որոնց կողքին մենք պիտի իրագործենք շարք մը դաստիարակչական ծրագիրներ՝ պատանիներուն կենսական տեղեկութիւններ փոխանցելու համար զանազան ոլորտներէ ներս, ներառեալ՝ արհեստագիտութեան, արուեստներու եւ գրականութեան, լրատուամիջոցներու, քաղաքացիական գործունէութեան եւ ելեւմտական»։
Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին, Էտվին Պետրոսեան եւ Արա Սահակեան խանդավառեցին ներկաները։Նշենք, որ այս մասին տեղեկութիւնը ստացած ենք «Ասպարէզ» օրաթերթէն: