image

5 Տարուան ընդմիջումէ ետք Հալէպի ՀՄՄ-ը դարձեալ զարդարեց Ազիզիյէ փողոցը

5 Տարուան  ընդմիջումէ ետք   Հալէպի ՀՄՄ-ը  դարձեալ զարդարեց Ազիզիյէ  փողոցը

  Հալէպի ՀՄՄ-ը   այս  տարի  դարձեալ      զարդարած է    Ազիզիյէի  կեդրոնական հրապարակը:  Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք   Հալէպի «Արեւելք»ի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  հաղորդեց,  որ անցնող    տարիներուն   եւ քաղաքին մէջ տիրող ծանր պայմաններուն հետեւանքով անկարելի դարձած է  այդ փողոցին մէջ  աւանդութիւն դարձած  տօնածառի տեղադրումը իրականցնել:  Հալէպի մէջ  տիրող անդդորին եւ  Սուրիոյ  բանակին     ճիգերով     տեղի ունեցած ազատագրումին    արդիւնքով Հայ Մարմնակրթական Միութիւնը ՝ ՀՄՄ-ը  որոշած է այս տարի եւս  բարձրացնել Հալէպ քաղաքի   մեծագոյն տօնածառը: Կը տեղեկանանք նաեւ, որ տօնածառի բացման  հանդիսաւոր   միջոցառման ներկայ եղած են Հալէպի հայ թէ     տեղացի    պատկան  բարձրաստիճան մարմիններու պատասխանատուներ: