Իր քաղաքական հայացքներուն համար բանտարկուած հայազգի մտաւորական Սեւան Նշանեան պիտի պարգեւատրուի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Նշանեանի մօտիկ անձնաւորութիւնէ մը: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Սեւան Նշանեան, իր կատարած բանասիրական- գաղափարական աշխատասիրութիւններուն եւ ծաւալած գործունէութեան առ ի գնահատանք պիտի ստանայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիեամ Սարոյեան»ի անուան մետալը: Մեր տեղեկութիւններով պարգեւատրումը պիտի կայացուի յառաջիկայ օրերուն (թուականը կը յայտնենք աւելի ուշ) Պոլսոյ մէջ կայացուելիք պաշտօնական հաւաքի մը ընթացքին: Յիշեցնենք, որ Սեւան Նշանեան 33 ամիսն ըլլալով կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ, իսկ անոր բանտարկութեան անտեղի վճիռը կապ ունի, իր հիմնադրած Շիրինճէ հովոցին մէջ «ապօրինի շինարարութիւններ» ընելուն հետ:
