Աթէնքի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց իր վերահիմնադրման մասին: Նշենք, որ յայտարարութիւնը տեղի ունեցած է 7 Փետրուարին տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին, ուր խօսք առած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան: Գաղութին մէջ աննախընթաց համարուած հանդիսութեան ներկայ եղած են համայնքային պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Առաջնորդական Տեղապահ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան: Տիգրանեան դրական համարելով վերջին շրջանին մէջ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող կուսակցական- գաղափարական խմորումները, շեշտը դրած է կուսակցութեան շուրջ բոլորուած երիտասարդ ուժերուն վրայ: «Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութիւններով կուսակցութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ հանգրուանին Աթէնքի իր գլխաւոր ակումբի վերաբացման աշխատանքներուն:
