image
Հրատապ լուրեր:

30 Տարի Բացակայութիւնէ Ետք Հնչակեան Կուսակցութիւնն Իր Կեդրոնատեղին Պիտի Ունենայ Աթէնքի Մէջ

30 Տարի Բացակայութիւնէ Ետք Հնչակեան Կուսակցութիւնն Իր Կեդրոնատեղին Պիտի Ունենայ Աթէնքի Մէջ

Աթէնքի  Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը     պաշտօնապէս յայտարարեց իր  վերահիմնադրման  մասին: Նշենք, որ      յայտարարութիւնը տեղի ունեցած է 7 Փետրուարին  տեղի ունեցած պաշտօնական  հանդիսութեան մը ընթացքին, ուր խօսք առած է ՍԴՀԿ   Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ  Յակոբ Տիգրանեան: Գաղութին մէջ աննախընթաց  համարուած հանդիսութեան  ներկայ եղած են      համայնքային պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ     Սուրբ Էջմիածնի     Առաջնորդական Տեղապահ Տ. Խորէն   Վրդ. Առաքելեան: Տիգրանեան      դրական  համարելով վերջին  շրջանին մէջ  Աթէնքի մէջ  տեղի ունեցող  կուսակցական- գաղափարական խմորումները,     շեշտը դրած է կուսակցութեան  շուրջ բոլորուած  երիտասարդ ուժերուն վրայ:  «Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութիւններով կուսակցութիւնը   կը պատրաստուի յառաջիկայ հանգրուանին   Աթէնքի իր գլխաւոր ակումբի վերաբացման աշխատանքներուն: