Սուրիա ( LBCI -Պէյրութ) -Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իսլամական Ֆիթրի տօնին առթիւ այսօր այցելութիւն տուած է Հոմս: Այս մասին լուրը փոխանցեց LBCI կայանը, որ նաեւ հաղորդեց, թէ Սուրիոյ նախագահը այսօր մասնակցած է Աքրամա թաղամասի ալէւիներու Սաֆա մզկիթին մէջ եղած կրօնական արարողութեան: Արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Սուրիոյ հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Պատըր Ալ Տին Հասունը: Նշենք, որ Ասատ վերջին անգամ Հոմս այցելած էր 2012-ին՝ մօտէն ծանօթանալու քաղաքին մէջ տիրող ընդհանուր իրադրութեան: Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ բողոքի առաջին ցոյցերը սկիզբ առած էին Հոմսի Պապ Օմար շրջանին մէջ: