image

2012-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով նախագահ Ասատ Հոմս այցելեց

2012-էն  ի վեր առաջին անգամ ըլլալով նախագահ Ասատ  Հոմս այցելեց

Սուրիա ( LBCI  -Պէյրութ) -Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ   իսլամական Ֆիթրի տօնին առթիւ այսօր այցելութիւն տուած է Հոմս: Այս մասին լուրը  փոխանցեց LBCI  կայանը, որ նաեւ հաղորդեց, թէ Սուրիոյ նախագահը  այսօր մասնակցած  է  Աքրամա թաղամասի  ալէւիներու  Սաֆա մզկիթին մէջ  եղած  կրօնական     արարողութեան:  Արարողութեան ներկայ   եղած է նաեւ  Սուրիոյ  հանրապետութեան  Միւֆթի  Շէյխ   Պատըր Ալ Տին Հասունը: Նշենք, որ    Ասատ վերջին անգամ  Հոմս այցելած էր  2012-ին՝ մօտէն   ծանօթանալու    քաղաքին մէջ տիրող ընդհանուր իրադրութեան: Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ  բողոքի առաջին ցոյցերը սկիզբ առած էին   Հոմսի  Պապ  Օմար     շրջանին   մէջ: