image

11 օր բանտարկուած մնալէ ետք, Ալթան եղբայրները ազատ արձակուեցան

11 օր բանտարկուած մնալէ ետք, Ալթան եղբայրները ազատ արձակուեցան

11 օր կալանքի տակ մնալէ ետք,   Ահմատ եւ Մէհմէտ Ալթան եղբայրները այսօր ազատ արձակուեցան: Անոնք ձերբակալուած էին պատկերասփռուած յայտագրէ մը մասնակցելէ ետք՝  Կիւլէնեան շարժումի անդամ ըլլալու մեղադրանքով: Ըստ Պոլսոյ մէկ դատարանի բանբերին,  մտաւորականները բաւական երկար հարցաքննութեան ենթարկուելէ ետք ազատ արձակուած են: Նշենք, որ Ահմատ Ալթան լրագրողական դաշտին մէջ յայտնի անուն մըն է, ան հարիւրաւոր յօդուածներով հանդէս եկած է «Թարաֆ» , «Հիւրիիյէթ», «Կիւնէշ», «Միւլլիյէթ» եւ այլ պարբերականներու մէջ, որոնցմէ շատերը այսօր դադրած են լոյս տեսնելէ: