image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքեան Քիւրտիստանէն հայուհին հայկական անձնագիր ստացած է

Իրաքեան Քիւրտիստանէն  հայուհին հայկական անձնագիր ստացած է

27 Յունուարին Պաղտատի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը հանդիսաւոր կերպով Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր յանձնած է Իրաքի Քիւրտիստանի Տհոք քաղաքէն հայուհի  Երեւան Ամինեանին։  Այս մասին կը տեղեկանանք դեսպանատունէն:

Երեւան Ամինեան Տհոքի այն քիչ թիւով հայերէն է, որ մնացած է Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ եւ պահպանած է հայութիւնը:  Տհոքի մէջ կը գործէ նաեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայ առաքելական եկեղեցին: