image

Վրաստանն ունի նոր վարչապետ. Հաստատուած է նոր կառավարութեան կազմը

Վրաստանն ունի նոր վարչապետ. Հաստատուած է նոր կառավարութեան կազմը

 

Վրաստանի խորհրդարանը վստահութիւն յայտնած է Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի գլխաւորած կառավարութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ pia.ge կայքը:


Նոր կառավարութեան կազմին կողմ քուէարկած է 89 պատգամաւոր, դէմ` 2:

Յիշեցնենք, որ 18 փետրուարին հրաժարական ներկայացուցած էր Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Կախարիան: Վարչապետի հրաժարականէն ետք իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը այդ պաշտօնին առաջադրած էր երկրի պաշտպանութեան նախարար, նախկին վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին: