image

Եմէնի «Հուսիներ»ուն ծանր հարուած. Զոհուած է անոնց կառավարութեան ղեկավարը

Եմէնի «Հուսիներ»ուն ծանր հարուած. Զոհուած է  անոնց  կառավարութեան ղեկավարը

Հուսիները հաստատած են Եմէնի ապստամբներու կառավարութեան ղեկավարի մահը Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի (ՑԱԽԱԼ) հարուածի հետեւանքով: 30 օգոստոսին, Շարժման ղեկավարութեան յայտարարութիւնը ներկայացուցած է Al Masirah հեռատեսիլային ալիքը։

«Մենք կը յայտարարենք փոփոխութիւններու եւ արարման կառավարութեան վարչապետ Ահմէտ Ղալեպ Ռահաւիի, ինչպէս նաեւ անոր շարք մը նախարարներու նահատակութիւնը անցեալ հինգշաբթի օր»,- ըսուած է հուսիներու ղեկավարութեան յատուկ յայտարարութեան մէջ: 

Եմէնի աղբիւրը ՌԻԱ Նովոսթիին յայտնած է, որ Սանայի վրայ Իսրայէլի հարուածէն զոհուածներուն շարքին են հուսիներու կառավարութեան ղեկավարներուն տեղակալները, տեղեկատուութեան, ելեւմուտքի եւ կրթութեան նախարարները:

Հարուածը հասցուած է հերթական խորհրդակցութեան ժամանակ։ Բացի այդ, շարք մը նախարարներ սպաննուած են, միւսները ստացած են ծանր եւ միջին ծանրութեան վնասուածքներ, անոնց անունները չեն նշուած։

Նշենք, որ Սանայի վրայ հարուածները հասցուած են 29 օգոստոսին, լրատուամիջոցները գրած են հուսի վարչապետի եւ անոր երկու տեղակալներու մահուան մասին։