Ֆրանսայի նախագահական պալատը հոկտեմբեր 12-ի երեկոյեան յայտարարած է հրաժարականէն օրեր ետք երկրի վարչապետի պաշտօնին վերադարձած Սեպասթիան Լըքորնիւի կառավարութեան կազմը։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, Ժան Նոյէլ Պարոն վերստին ստացած է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը։ Զինուած ուժերու նախարար դարձած է աշխատանքի նախկին նախարար Քաթրին Վոթրենը։ Ներքին գործոց նախարար նշանակուած է Փարիզի ոստիկանութեան ներկայացուցիչ Լորան Նունիեսը։ Ժերալտ Տարմանենը վերանշանակուած է արդարադատութեան նախարարի պաշտօնին։ Ռոլան Լեսքիւրը պիտի մնայ տնտեսութեան եւ ֆինանսներու նախարար։ Իր պաշտօնը պահպանած է նաեւ մշակոյթի նախարար Ռաշիտա Տաթին։
Հոկտեմբեր 10-ին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը վարչապետի պաշտօնին կրկին նշանակած էր Լըքոռնիւն, որ մէկ ամսէ քիչ պաշտօնավարելէ ետք՝ հոկտեմբեր 6-ին հրաժարական տուած էր վարչապետի պաշտօնին։
«Ես որպէս պարտականութիւն կ՚ընդունիմ հանրապետութեան նախագահի կողմէ զիս վստահուած առաքելութիւնը՝ հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընեմ մինչեւ տարեվերջ Ֆրանսայի պիւտճէն ապահովելու եւ մեր հայրենակիցներու առօրեայ խնդիրները լուծելու համար», - նշանակուելէն անմիջապէս ետք ընկերային ցանցի միջոցաւ յայտարարած էր Լըքոռնիւն։