2019թ-ին, երբ Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչեայ Փոլատեանի կինը՝ Զառա Բալայեանը ամուսինին հետ այցելած է Իրաքեան Քիւրտիստանի հայկական գիւղեր, Հաւրեզի հայկական դպրոցին մէջ հայ մանուկներու հետ ծանօթութեան ընթացքին խոստացած է առաջին իսկ հնարաւորութեան առիթով անոնց նուիրել հայերէն գիրքեր:
Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպանատունէն կը տեղեկանանք, որ այս հարցով դեսպանին կնոջ օգնած է երեւանցի 10-ամեայ աղջիկ մը՝ Էլիզա անունով: Վերջինս ընթերցասէր է, կը սիրէ նաեւ գիրք նուիրել: Էլիզան սկսած է հաւաքել արեւմտահայերէնով տպագրուած գիրքեր եւ ուղարկել Հաւրեզի իր հայրենակից-տարեկիցներուն:
Դեսպանատունէն կը տեղեկանանք, որ գիրքերն արդէն կը գտնուին Հաւրեզ գիւղի հայկական դպրոցին մէջ:
Գիրքերը դպրոց տեղափոխելու եւ տնօրէն Լինտա Ղազարեանին յանձնելու համար դեպանութեանն աջակցած է Տհոքի Սբ․ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Տէր Մասիս քհն. Շահինեանի տիկին՝ երեցկին Մարալ Ներսիսեանը:
Նշենք, որ Հաւրեզի հայկական դպրոցը հիմնուած է 2006-ին:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ