Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը խորհրդարանական կուսակցութիւններու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ Ուքրանիա զօրք ուղարկելը հնարաւոր է, եթէ ռուսական զօրքերը ճեղքեն պաշտպանութիւնը՝ Քիեւի կամ Օտեսայի ուղղութեամբ։
Այս մասին յայտարարած է Համայնավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ֆապիէն Ռուսելը, գրած է L'Independent-ը։
Ան աւելցուցած է, որ Ֆրանսայի ղեկավարը խորհրդարանականներուն ցոյց տուած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական հարուածներու հնարաւոր ուղղութիւններու քարտէզները։
«Մաքրոն ներկայացուցած է սենար մը, որու պարագային կրնայ միջամտութիւն սկսիլ՝ ճակատի յառաջխաղացում դէպի Օտեսա կամ դէպի Քիեւ»,- պարզաբանած է քաղաքական գործիչը։
«Չնուաճուած Ֆրանսա» կուսակցութեան համակարգող Մանուէլ Պոմփարտն ըսած է, որ ինքը «անհանգստացած եկած է հանդիպման եւ աւելի անհանգստացած հեռացած է»։