image

ԱՄՆ-ն մտադիր չէ զօրքեր ուղարկել Իսրայէլ կամ Կազա. փոխնախագահ

ԱՄՆ-ն մտադիր չէ զօրքեր ուղարկել Իսրայէլ կամ Կազա. փոխնախագահ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսը հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները «բացարձակապէս մտադիր չէ» ամերիկեան մարտական զօրքեր ուղարկել Իսրայէլ կամ Կազա՝ աւելի լայն տարածաշրջանային հակամարտութեան առաջացման մտավախութիւններու պատճառով:

«Մենք բացարձակապէս ոչ մէկ մտադրութիւն ունինք, ոչ ալ ծրագրեր ունինք մարտական զօրքեր ուղարկելու Իսրայէլ կամ Կազա», -ըսած է Հարիսը CBS-ին տուած հարցազրոյցին, որ հեռարձակուած է կիրակի օր:

Հարիսը ներկայացուցած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակի սրման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի մօտեցումը՝ աջակցիլ Իսրայէլի իրաւունքին՝ պաշտպանելու իրեն, միաժամանակ կոչ ընելով պաշտպանելու քաղաքացիական անձանց:

«Իսրայէլն անառարկելիօրէն իրաւունք ունի պաշտպանելու իրեն»,-ըսած է փոխնախագահը՝ միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով, որ պաղեստինցիներն արժանի են անվտանգութեան եւ ապահովութեան, ինքնորոշման եւ արժանապատւութեան հաւասար միջոցներու: