image

Մահացած է մուսալեռցի յայտնի մշակ Թուճար պապուկը. Լուսանկարներ

Մահացած է մուսալեռցի յայտնի մշակ Թուճար պապուկը. Լուսանկարներ

Լիբանանի Այնճար հայկական գիւղին մէջ մահացած է գիւղի տարեցներէն Թուճար պապուկը՝ Սարգիս Այնթապլեանը:  Իբրեւ իմաստուն մշակ յայտնի դարձած Թուճար պապուկին գիտեր ողջ գիւղը, անոր համբաւը տարածուած էր նաեւ հայաստանեան որոշ շրջանակներու մէջ: Թուճար պապուկի որդին՝ Յակոբ Այնթապլեանը հօրմէն սորված մշակագործութիւնը վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տարածելու փորձեր կ'ընէ: 

Պահելով Մուսա Լեռան բարբառը, աւանդոյթները, երգն ու պարը՝ Թուճար պապուկը միշտ ներկայ էր ընտանեկան եւ համայնքային միջոցառումներուն: Ան կը գրէր նաեւ երկրագործութեան նուիրուած բանահիւսական նմուշներ: 

 

Թուճար պապուկը՝ թութի ծառի վրայ

 

 

Թուճար պապուկի այգիներէն մէկը