image

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն Կաթողիկոսը շնորհակալական նամակ յղած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին

Ամենայն Հայոց    Կաթողիկոս  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ.ն  Կաթողիկոսը   շնորհակալական նամակ յղած է  Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին

Փետրուար 14-ին Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նամակ յղած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին` հայ ժողովուրդի անունէն շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի միաձայն ընդունման առիթով:

Վեհափառ Հայրապետի նամակին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի․

«Մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւններու դատապարտումը եւ ժխտողականութեան մերժումը այն ամուր երաշխիքն է, որմով հնարաւոր է կանխարգիլել կրօնական եւ ազգային խտրականութեան պատճառով նոր ցեղասպանութիւններն ու ոճրագործութիւնները եւ կառուցել խաղաղ ու համերաշխ աշխարհ:

Սուրիոյ ժողովուրդը այսօր՝ աւելի քան 100 տարիներ առաջ վերահաստատեց յանձնառութիւնն ու վճռականութիւնը իր նախնեաց, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան դժնդակ տարիներուն ապաստան տուին հայրենազրկուած ու տարագրուած մեր ազգի զաւակներուն: Տէր Զօրի անապատին մէջ տասնամեակներ առաջ, Ձեր բարեյիշատակ հօր` Հաֆեզ Ասատի նախագահութեան շրջանին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կառուցումը դարձաւ հերթական արձանագրումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Սուրիոյ իշխանութիւններուն որդեգրած կեցուածքին: Ներկայ ժամանակներուն բազմիցս ականատեսն եղած ենք Ձեր եւ Ձեր ժողովուրդի ընդգծուած բարեհոգութեան ու ուշադրութեան առ մեր ժողովուրդը, որոնց խօսուն արտայայտութիւնն են Սուրիոյ հողին վրայ վեր խոյացած հայկական սրբավայրերը, մշակութային եւ կրթական հաստատութիւնները, սուրիահայ համայնքի բարեշէն  կեանքի բազմաթիւ վկայութիւնները»։

Վեհափառը, զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ բարեպաշտ ժողովուրդին, մաղթած է, որ երկրին մէջ հաստատուի բաղձալի խաղաղութիւնն ու անդորրը եւ իրականութիւն դառնան դժուարութիւններ յաղթահարող եղբայր ժողովուրդի պայծառ կեանքի երազները: