«Արեւելքի» տեղեկութիւններով յայտնի ամերիկահայ միլիոնատէր, բոքերի արքայ տէն Բիլզերեան ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք ըստ կարգի եղած է Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր զինկոմիսարիատի մէջ, ուր հաշուառուած է ՀՀ զինուած ուժերու պահեստազօրի մէջ՝ ներկայացնելով անհրաժեշտ փաստաթղթերը: Այժմ ան, իբրեւ ՀՀ քաղաքացի, կը համարուի զինապարտ: