image

Բարեկենդանը՝ Լիմասոլի մէջ (Լիմասոլ)

  Բարեկենդանը՝ Լիմասոլի մէջ (Լիմասոլ)

 Նախքան Սուրբ Պահոց քառասնօրեայ փուլ մուտք գործելը մեր եկեղեցին կը տօնախմբէ՝ Բարեկենդանի տօնը։Նոյն առումով ալ  ու շնորհիւ Լիմասոլի  երիտասարդ եւ եռանդուն հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեանին ու նաեւ տեղի ՀՅԴ  Մարմնի ճիգերուն    համայնքի զաւակները նշած են Բարեկենդանի տօնը, իրենց կողքը ունենալով այս օրերուն Կիպրոս այցելող  «Լիլա» Ձայնային Քառեակի երգչուհիներու ներկայութիւնը։

Ստորեւ՝ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը։

 

 

Կիրակի, 2 Մարտ, 2025ին, Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիմասոլի ընկերային յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած աւանդութիւն դարձած Բարեկենդանի խրախճանքը: Արտասանուած բացման խօսքին մէջ, շեշտը դրուեցաւ ՀՅԴ ԼԻմասոլի խումբի հիմնական նպատակին վրայ՝ «հայը համախմբել հայ երդիքի տակ հայ մթնոլորտի մէջ»: Ապա Լիմասոլի հոգեւոր հովիւ՝ Հ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան, քաջալերեց «Լիլլա» Ձայնային քառեակի հայուհիներու անձնական նախաձեռնութիւնը՝ պահելու եւ պահպանելու հայկական հոգեւոր, ազգային ու ժողովրդական երգերը։ Ան նաեւ բարձր գնահատեց ՀՅԴ Լիմասոլի ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած խրախճանքը, որ կը միտի համախմբել հայը։ Ան շեշտեց միասնականութեան գաղափարը «Միասի՛ն, եկեղեցի, ժողովուրդ, կուսակցութիւններ ու զանազան կազմակերպութիւններ, կրնանք նուաճել բարձունքներ»։ Յետոյ ելոյթ ունեցաւ Լիլլա ձայնային քառեակը, որ հմայեց ներկաները եւ տարաւ զանոնք դէպի Հայաստան, դէպի Կոմիտաս, դէպի փառք ու պարծանք:

 

Խրախճանքը շարունակուեցաւ բարձր տրամադրութեամբ: