image
Հրատապ լուրեր:

«Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն»էն կարեւոր ներդրում. Լիբանանի հայկական վարժարաններուն ՝700 համակարգչային սարք

«Գ.  Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն»էն  կարեւոր ներդրում. Լիբանանի հայկական վարժարաններուն ՝700 համակարգչային սարք

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը, Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւններուն աջակցելու իր ռազմավարութեան համաձայն, երկրի 17 հայկական դպրոցներուն նուիրեց 650 գրասալիկ (tablet) եւ 50 համակարգիչ:

 

 

 

Պսակաձեւ ժահրին պատճառած բազմաթիւ տնակալումները առցանց ուսուցումը դարձուցին կրթական գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչը ամենուրեք: Այնուամենայնիւ, Լիբանանի մէջ դպրոցական տարիքի հազարաւոր աշակերտներ դժուարութիւն ունին լիարժէք ձեւով հետեւելու առցանց դասերուն՝ համապատասխան սարքաւորումներու բացակայութեան պատճառով: Երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին եւ անկայունութեան գումարած 2020-ի օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթիւնը հայ համայնքին զգալի վնասներ եւ նիւթական կորուստներ պատճառեց, որուն հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ եւ դպրոցներ աշակերտներուն անհրաժեշտ սարքաւորումներ տրամադրելու միջոցները չունին:

 

 

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը շարունակէ համագործակցիլ Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններուն հետ: Համակարգչային սարքաւորումներու տուեալ նուիրատուութիւնը մասնիկն է կրթական հատուածին ուղղուած տարբեր ծրագիրներուն: Հիմնարկութիւնը կ'աջակցի նաեւ արեւմտահայերէնի աշխուժացումը հետապնդող տարբեր նախաձեռնութիւններու: