Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան կը տեղեկացնէ.
Ֆէյսպուքի վրայ անանուն, անպատասխանատու մարդիկ կը փորձեն վարկաբեկել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին անունը եւ հարցականի տակ կ՛առնեն Եւրոպայէն մէկ միլիոն տոլարի լիբանանահայ ժողովուրդին կատարուած նուիրատուութիւնը։
Պաշտօնապէս կը յայտարարեմ, որ այդ նուիրատուութիւնը կատարած եմ ես, տիկնոջս հետ միասին, Արամ Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակին առիթով։ Մօտէն կը հետեւինք այդ գումարի ժողովուրդին հասնելու աշխատանքներուն, ամէն օր եւ ամէն ժամ։ Մինչեւ հիմա 2.900 հայ ընտանիք ստացած են նիւթական նպաստներ։ Այդ թիւը պիտի հասնի 3.000ի եւ աշխատանքը պիտի շարունակուի եկող ամիսներուն։
Ֆէյսպուքի վրայ անպատասխանատու,գռեհիկ եւ ամբարտաւան գրութիւններ դնելով եւ առանց իրենք ինքնութիւնը յայտնելով նման մարդիկ սուտ լուրեր կը տարածեն։ Անոնցմէ կ՛ակնկալուի հերքել եւ ֆէյսպուքէն հանել իրենց տարարած սուտ լուրերը։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ