image

Քարանթինայի նշանաւոր հայը՝ Արամ Ա-ն ու անոր դայեակը

Քարանթինայի նշանաւոր հայը՝ Արամ Ա-ն ու անոր դայեակը

Այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի ծննդեան օրն է: Անոր մանկութիւնն անցած է Լիբանանի Պէյրութ քաղաքի Քարանթինա շրջանին մէջ, որ Լիբանանի նշանաւոր  գաղթակայաններէն  էր եւ յայտնի էր իբրեւ գաղթականներու  40-օրեայ քարանթինի վայր: Լիբանան փոխադրուող հայ եւ օտար գաղթականները նաւահանգիստէն անմիջապէս  կը տարուէին ծովեզերքին մօտ գտնուող այդ  տեղը, ուր կը մնային բժշկական հսկողութեան տակ, եւ միայն ստուգուելէ ետք անոնց կը թոյլատրէին շփուիլ քաղաքի բնակիչներու հետ:  Յետագային քարանթինային այդ վայրը  կոչուած է Քարանթինա: 


Քարանթինան՝ վաղ տարիներուն

 

Լիբանանահայութեան պատմութեան անբաժանելի մասը համարուող Քարանթինան (հակառակ որ հոն դեռ հայութիւն կայ) այսօր արդէն անցեալ է: Ժամանակին այն եղած է չքաւոր բնակավայր, որ յայտնի էր իր գաղթականներով, աղքատ ու խիտ բնակեցուած  բնակչութեամբ, թիթեղեայ,  փայտեայ ինքնաշէն տուներով, կենսական տարրական պայմաններու բացակայութեամբ:  Այդտեղ ալ  1947-ին Արթին եւ Լուսին Քեշիշեաններու ընտանիքին մէջ ծնած է Արամ Քեշիշեանը:

Քարանթինայի հայութիւնը կ'ապրէր մէկ ընտանիքի պէս: Հայերուն մէջ շատ էին արհեստաւորները, որոնք համերաշխ կը բնակէին ուրիշ ազգերու կողքին: Անոնք աշխատասէր մարդիկ էին՝ զիրար օգնող, մէկը միւսին ցաւով ապրող: Հայկական ոգի կար հայերու տուներուն մէջ, լիբանանահայութիւնն այդտեղ կերտած է իր տարագիր պատմութեան կարեւոր մէկ հատուածը՝ հայկական սովորոյթներով, աւանդոյթներով, կուսակցական ակումբներով: Հայերէնը առաջին տեղը կը գրաւէր, բայց  քիչ չէին նաեւ թրքախօս հայերը: Շարք մը սովորոյթներու շարքին  ընդունուած էր նաեւ երեխայի ծնունդն ընդունիլ տան մէջ: Տան պայմաններու մէջ ծնունդ ընդունող փորձառու տատմայրեր քիչ կային. լիբանանահայութիւնը  զանոնք  ՝  «Էպպէ» կամ  «դայեակ» կ'անուանէր:

Եւ ահա, Քարանթինայի մէջ ապրող յայտնի դայեակ, արմատներով ատանացի  Օժէն Տէյիրմենճեանն ալ կ'ընդունի Արամ Քեշիշեանի ծնունդը: Բացի այն, որ Օժէնը Քարանթինայի մէջ եւ անկէ դուրս ճանչցուած տատմայր էր, բուժքոյր եւ խնամակալ,  ան նաեւ ապագայ կաթողիկոսի հարեւանն էր, իսկ անոր երեխաները յետագային փոքրիկ Արամ Քեշիշեանին եւ անոր եղբայրներուն հետ կը խաղային Քարանթինայի փողոցներուն մէջ:

Տարիներ ետք Արամ Ա կաթողիկոսը սիրով եւ ակնածանքով պիտի յիշէր իր եւ շատ այլ երեխաներու ծնունդներն ընդունած հայուհին: Երեխայի ծնունդներ ընդունելէ բացի  Օժէն Տէյիրմենճեանն իր իսկ պատրաստած դեղերով բազմաթիւ հիւանդութիւններ կը բուժէր, կ'այցելէր հիւանդներուն, հաշմանդամներուն ու աղքատներուն,  իւրաքանչիւրին ինչ-որ բանով օգտակար կ'ըլլար: Անոր բարութեան մասին յետագային շատեր խօսած են, իսկ բուժքրոջ հագուստով եւ բժշկական պարագաներու պայուսակով անոր կերպարը ծանօթ էր աղքատ թաղամասի հայութեան: Ան իր խորհուրդներով եւ բուժումներով օգնած է նաեւ շատ չբեր կանանց: 


Քարանթինայի եւ այլ շրջաններու մէջ յայտնի բուժքոյր Օժէն Տէյիրմենճեանը. Լուսանկարը՝ «Արեւելք»ի  արխիւէն

 

 

Օժէն Տէյիրմենճեանը կը բուժէր նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն, քիւրտերուն, շիա իսլամներուն, որոնցմով նոյնպէս բնակեցուած էին Քարանթինայի նեղ ու անբարեկարգ թաղերը: Ան ունեցած է չորս երեխայ,  որոնց, ամուսինին մահէն ետք,  պահած է դժուարութեամբ: Մահացած է  1973-ին, յուղարկաւորուած է Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

 

Տիկին Օժէնի զաւակները, իրենց մանկութեան ընկերոջ կաթողիկոս դառնալէն ետք ալ կապ կը պահէին անոր հետ, կ'այցելէին, իսկ Արամ Ա-ն սիրով կ'ընդունէր  մանկութեան ընկերները: Օժէնի դուստրերէն մէկը՝ Սրբուհի Ապուտուրեանը (մահացած է Հայաստան, 2013-ին) կը յիշէ. «Ես երիտասարդ աղջիկ էի, կը յիշեմ տիկին Լուսինի հարսանիքը: Հարսանիքի ժամանակ հիւրերն այնքան ուրախացան, պարեցին, փայտէ խղճուկ ծածկը, որուն տակ հարսանիքը տեղի կ'ունենար, փլաւ… Յետոյ ծնան  անոնց երեխաները: Անոնք շատ երեխաներ ունեցան:  16-17 տարեկան էի, կը յիշեմ, որ փոքրիկ Արամը գիրք մը կը վերցնէր, փայտէ խաչ կը սարքէր եւ հոգեւորականի դերի մէջ մտնելով ամբողջ օրը կը խաղար: Մենք գիտէինք, որ ան հոգեւորական պիտի դառնայ, անոր շատ կը վայլէին այդ խաղերը, մենք հեռուէն կը նայէինք: Անոնց ազգանունն ալ՝ Քեշիշեան, քահանայ իմաստը ունէր»:

Արամ Ա կաթողիկոսի մայրը՝ Տիրամայր Լուսին Քեշիշեանը, մահացաւ 2019-ի սեպտեմբերին։



Տիրամայր Լուսին Քեշիշեանի վերջին լուսանկարը՝ Արամ Ա կաթողիկոսի հետ


Մեսրոպեան հայկական վարժարանը, ուր յաճախած է Արամ կաթողիկոսը, մօտ էր Քարանթինային. Քարանթինա ապրող հայ երեխաները կը յաճախէին ոչ միայն Մեսրոպեան, այլեւ շրջակայքը գտնուող հայկական դպրոցներ: Աղքատ ու անբարեկարգ թաղամաս ըլլալով, Քարանթինան նաեւ հայկական ոգիով վայր մըն էր, ուրկէ  ուրիշ նշանաւոր հայեր ալ դուրս եկած են՝ կրթական գործիչներ, արուեստագէտներ, բարերարներ եւ հոգեւորականներ:


Պատանի Արամ Քեշիշեանը

 

Մեսրոպեան վարժարանն աւարտելէ ետք ապագայ Արամ Ա կաթողիկոսն այնուհետեւ անցած է հոգեւորականի, գիտնականի, աստուածաբանի երկար ու հարուստ ճանապարհ՝ ուսանելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, ձեռնադրուած է հայ հոգեւորականի բոլոր աստիճաններով:  1968-1978 թուականներուն յաջորդաբար սորված է Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանը, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, Զուիցերիոյ Փոսէ Էքիւմենիք հաստատութիւնը, Օքսֆորտի համալսարանի արեւելագիտութեան բաժինը եւ Նիւ Եորքի Ֆորտհամի համալսարանը: Ստացած է Աստուածաբանութեան մագիստրոսի, Եկեղեցական պատմութեան մագիստրոսի եւ Փիլիսոփայութեան դոկտորի կոչումներ: Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է, որոնք ոչ միայն հայերէն են այլեւ՝ օտար լեզուներով: Անոր անունը սերտօրէն կապուած է յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի էքիւմենեան շարժման հետ: 

2020-ն Արամ Ա կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակով հռչակած  է «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի»:

 


Խումբ մը հայ երեխաներ՝ Քարանթինի մէջ. ձախէն երկրորդը  Օժեն Տէյիրմենճեանի դուստրը՝ Սրբուհի Ապուտուրեանը.  Լուսանկարը՝ «Արեւելքի» արխիւէն

 

Օժէն Տէյիրմենճեանը (ձախէն առաջինը) Հայաստան ներգաղթած քրոջ (ձախէն երկրորդը), դստեր, տղոց եւ փեսայի հետ