image

Պաքուի հայերու ջարդերէն անցած է 30 տարի

Պաքուի հայերու ջարդերէն անցած է 30 տարի

Երեսուն տարի առաջ՝ 1990 թուականի 13-էն 19 յունուար Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ դաժան սպանդի զոհ դարձան եւ բռնի տեղահանուեցան տասնեակ հազարաւոր հայեր: 

13 Յունուար 1990-ին Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատը՝ երկրի իշխանութիւններու հովանաւորութեամբ, կազմակերպեց Պաքուի հայ բնակչութեան ջարդերը:

Նոյն օրը բազմահազարանոց հանրահաւաքէն ետք ամբոխը խումբեր բաժնուած, նախանշուած հասցէներով ներխուժեց հայերու բնակարանները եւ սկսաւ բռնարարքներ ու դաժան սպանութիւններ։ Ջարդերուն աջակցած են իրաւապահ մարմինները, համայնական ծառայութեան տնտեսութեան վարչութեան աշխատողները, անգամ շտապ օգնութեան բժիշկները։ Ջարդերը շարունակուեցան 6 օր։

Միայն 19 Յունուարին, երբ վտանգուած էր խորհրդային իշխանութիւնը Պաքուի մէջ, Մ. Կորպաչով հրամանագիր ստորագրեց Պաքուի մէջ արտակարգ դրութիւն մտցնելու մասին։

Ջարդերէն ետք Պաքուն հայաթափ եղաւ. զոհուեցան, տեղահանուեցան ու անյայտ կորսուեցան շուրջ 250 հազար հայեր: