Սագօ Արեան
Մինչ Սպիտակ Տան մէջ ԱՄԷ եւ Իսրայէլ խաղաղութեան դաշինք կը կնքեն, անդին պաղեստինցի զինեալներ հրթիռներ կը նետեն Իսրայէլեան Աստուտ շրջանին վրայ։ Հրթիռները թիրախ դարձուցած են Աստոտի բնակեցման շրջանը եւ նախնական տուեալներով կան իսրայէլացի վեց վիրաւորներ։ Իսրայէլ պետութեան պատերազմի նախարար Պէնի Կանց շտապ ժողովի հրաւիրած է բանակի գլխաւոր շտապի կազմը կացութեան մասին պատկերացում ունենալու եւ առաջիկայի քայլերը ճշդելու համար։ Երկար բարակ պիտի չվերլուծեմ, բայց խորապէս համոզուած եմ, որ առանց պաղեստինեան խնդրի արդար եւ վերջնական լուծման Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մշտական եւ հաստատուն խաղաղութիւն պիտի չըլլայ։ Սա փոխուող կեցուածք չէ, ոչ ալ ռազմավարական պատճառներու բերումով փոփոխութեան արժանի տեսակէտ։ Այս մօտեցումը ժայռի պէս է, ինչպէս որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցման պահանջը ենթակայ չեն փոփոխման, նոյնն է պաղեստինեան խնդիրը իմ համար։
Հասկցողը հասկցաւ...