image

Հուսիները պալիսթեան հրթիռով կրկին թիրախաւորած են Իսրայէլի օդակայանը

Հուսիները պալիսթեան հրթիռով կրկին թիրախաւորած են Իսրայէլի օդակայանը

Եմէնի հուսիական «Անսար Ալլահ» շարժումը նորէն թիրախաւորած է Իսրայէլի «Պեն Կուրիոն» օդակայանը՝ օգտագործելով պալիսթիք հրթիռ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է հուսիներուն պատկանող Al Masirah հեռուստակայանը։

Հուսիներու համաձայն՝ գործողութիւնը յաջողութեամբ հասած է իր նատակակէտին։ «Պեն Կուրիոն» օդակայան ուղղուող օդանաւերը շրջանցած են Միջերկրական ծովը եւ ժամանակաւորապէս հրաժարած են շարունակել իրենց երթուղին։

Իսրայէլի բազմաթիւ շրջաններէ օդային տագնապի ազդանշաններ լսուած են, եւ բնակիչները պատսպարուած են ապաստարաններու մէջ։ Ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած տեսանիւթերու մէջ կ՚երեւի, թէ ինչպէս խուճապահար բնակիչներ կը շտապեն թաքնուիլ։

Իսրայէլի Պաշտպանութեան ուժերու մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, թէ զինուորականները որսացած են Եմէնէն արձակուած եւս մէկ հրթիռ մը եւ տարբեր շրջաններու մէջ օդային տագնապի ազդանշաններ հնչած են։

Տեղեկութիւններ կան, թէ Lufthansa Group-ը մինչեւ Յունիս 22 երկարաձգած է Իսրայէլի ուղղութեամբ բոլոր թռիչքներու կասեցումը։

Յունիս 1-ին Եմէնի զինուած ուժերը կատարած են չորս ռազմական գործողութիւն՝ ուղղուած «Պեն Կուրիոն» օդակայանին, ինչպէս նաեւ կարեւոր թիրախներու՝ ԵաՖֆա, Աշտոտ եւ Ումմ ալ-Ռաշրաշ շրջաններուն մէջ։

Եմէնի հուսիները նման գործողութիւններ կ՚իրականացնեն յաջակցութիւն պաղեստինցի ժողովուրդին՝ պահանջելով Իսրայէլէն դադրեցնել Կազայի շրջափակումը եւ պատերազմական գործողութիւնները։