image
Հրատապ լուրեր:

Ռահվիրայ էր ... եւ ինչ որ ըրաւ, իրագործեց փայլուն կերպով...Տ. Մեսրոպ արք.ը Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառին մասին

Ռահվիրայ էր ... եւ ինչ որ ըրաւ, իրագործեց  փայլուն կերպով...Տ. Մեսրոպ արք.ը  Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառին մասին

 Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Աշճեան

 

 

Իմաստուն, խոհեմ, զգաստ, հեռատես, դիւանագետ անձնաւորություն ըլլալէ եւ մնալէ յետոյ ՝ հմուտ աստուածաբան, հոգեւորական, Եկեղեցական մեծ գործիչ, ուսուցիչ, գեղեցիկ ճառախոս, գրասէր և գրագէտ Հայրապետ, բանասէր գիտնական, առաջնորդ, հայ լեզուի ոսկերիչ:

Իր այս բոլոր շնորհներով իրեն համար Հայ Եկեղեցին փոքր էր: Ատոր համար ինք դարձավ ճառագայթիւն անձնաւորութիւն մը համաշխարհային մակարդակի մը վրայ եւ դարձաւ աշխարհի մեջ ամէնէն շատ ճանչցուած հայերէն մին: Ռահվիրայ եղաւ տարբեր-տարբեր ճակատներու վրայ, որովհետեւ ինք ուր որ եղաւ, ինչ որ ըրաւ, ինչ որ իրագործեց՝ իրագործեց ամէնէն փայլուն և գեղեցիկ կերպով: