Ահաբեկչական ծանր պայթում մը ցնցած է Գամիշլին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւնը ստացաւ Գամիշլիի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին համաձայն, պայթումը եղած է Գամիշլիի «Ալ Ուասթա-Մայամի» քրիստոնէաբնակ թաղամասին մէջ: Ըստ նախնական տուեալներու, կան երեք զոհեր եւ տասնեակ վիրաւորներ: Վիրաւորներուն մէջ կան Խաչիկ Կարապետի, Սամուէլ Պարսումի եւ Դաւիթ Տալտրեանի անունները: Նախնական վարկածով մը կը հաղորդուի, որ պայթումը արդիւնք է անձնասպանական գործողութեան մը, որ կատարուած է Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ: Պայթումէն անմիջապէս ետք Տահէշի զինեալներ կրակ բացած են անցորդներուն վրայ, որուն հետեւանքով արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Նշենք, որ Գամիշլիի մէջ Սուրիոյ բանակին կողքին տիրապետող ուժ կը համարուին շրջանի քիւրտերը իսկ հայկական շրջաններու ապահովութիւնը ստանձած են տեղի հայկական մարմինները:
Լուսանկարները ՝ «Արեւելք»ի