image

Գահիրէի հեռահաղորդակցութեան գլխաւոր շէնքին մէջ հրդեհի հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Գահիրէի հեռահաղորդակցութեան գլխաւոր շէնքին մէջ հրդեհի հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի կեդրոնը գտնուող հեռահաղորդակցութեան գլխաւոր շէնքին մէջ հրդեհի հետեւանքով զոհուած է 4 մարդ, աւելի քան երկու տասնեակ մարդ վիրաւոր է։

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով Associated Press լրատուական գործակալութիւնը, այս մասին յայտնած է Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակ Հուսամ Ապտ ալ-Ղաֆֆարը։

Մահացածները Telecom Egypt-ի աշխատակիցներ եղած են։ Իսկ 26 վիրաւորները հիմնական տուժած են ծուխի հետեւանքով։

Կապի նախարարութեան տուեալներով՝ հրդեհը սկսած է շէնքի յարկերէն մէկուն մէջ, ուր տեղակայուած են կապի սպասարկման սարքերը, որմէ ետք սաստկութեան պատճառով սկսած է տարածուիլ միւս յարկերուն մէջ։

Հրդեհի հետեւանքով ժամանակաւորապէս ընդհատուած են համացանցն ու բջիջային կապի ծառայութիւնները։