Յուլիս 26-ին, ժամը 14։20-ին «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին մէջ հերթապահութիւն իրականացնող խումբը թիւ 1 պահաբաժնին մէջ նկատած է խոտածածկոյթի հրդեհ։
Յայտնած են Փրկարար ծառայութենէն։
Դէպքի վայր մեկնած են ՆԳՆ փրկարար ծառայութեդան ստորաբաժանումներէն 3 մարտական հաշուարկ եւ 7 արագ արձագանգման խումբ։ Ընդհանուր առմամբ ներգրաւուած են 41 փրկարարական ծառայող։
Ըստ նախնական տուեալներու՝ այրած է մօտ 1 հա խոտածածկոյթ։
Կը տրուի լրացուցիչ տեղեկութիւն: