image

Հայաստան. Ո՞ր ընկերութիւնները ամենաշատ պետական հարկ կը մուծեն

Հայաստան. Ո՞ր ընկերութիւնները ամենաշատ պետական հարկ կը մուծեն

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն յայտնած է, որ ՊԵԿ-ի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած է տեղեկութիւն՝ 2025 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներու ընթացքին առաջին 1000 մեծագոյն հարկ վճարողներու կողմէ վճարուած հարկերուն եւ վճարումներուն մասին։

2025 թուականի առաջին կիսամեակին, 1000 մեծագոյն հարկ վճարողներու կողմէ պետական պիւտճէ վճարուած ընդհանուր գումարը կազմած է 986 միլիառ 71 միլիոն դրամէ աւելի, մինչդեռ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը եղած է 900 միլիառ 401 միլիոն դրամ։ Այսինքն՝ հաւաքագրուած է աւելի՝ 85 միլիառ 670 միլիոն դրամ։

Հարկային մարմիններուն կողմէ հաւաքագրուած գումարը կազմած է աւելի քան 819 միլիառ 419 միլիոն դրամ՝ նախորդ տարուայ 766 միլիառ 148 միլիոն դրամի փոխարէն։ Այսինքն՝ աւելի հաւաքագրուած է՝ 53 միլիառ 271 միլիոն դրամ։ Մաքսային մարմիններու կողմէ հաւաքագրուած գումարը կազմած է աւելի քան 166 միլիառ 651 միլիոն դրամ, նախորդ տարուայ 134 միլիառ 253 միլիոն դրամի փոխարէն՝ այսինքն աւելի՝ 32 միլիառ 398 միլիոն դրամով։

Մեծագոյն 1000 հարկ վճարողներու ցանկը հասանելի է ՊԵԿ-ի պաշտօնական կայքին մէջ՝ «Տեղեկութիւն հարկ վճարողներու մասին» բաժնի «Հարկ վճարողներու վերաբերեալ տեղեկատու ցանկեր» ենթաբաժնին մէջ։