Իրանի հարաւ-արեւելքը գտնուող Զահետան քաղաքին մէջ զինուած յարձակում տեղի ունեցած է տեղի դատարանի շէնքին վրայ։
Haalvsh թելեկրամեան ալիքը, վկայակոչելով ականատեսներ, յայտնած է, որ յարձակողները կրակած են շէնքի մէջ։ Յարձակման հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ դատարանի աշխատակիցներու եւ զինծառայողներու շարքերէն:
Տուժածներու յստակ թիւը դեռ չէ հաղորդուած։ Այս պահուն յարձակողներու ինքնութիւնը եւ անոնց դրդապատճառները կը մնան անյայտ: