image

Զելենսքին յաղթաթուղթ չունի Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններուն մէջ․ Թրամփ

Զելենսքին յաղթաթուղթ չունի Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններուն մէջ․ Թրամփ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը Fox News-ին տուած հարցազրոյցին վստահութիւն յայտնած է, որ Վլատիմիր Զելենսքին այժմ չունի յաղթաթուղթեր Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային դիրքորոշման մէջ:

Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթին»։

«Ես շատ ծանր խօսակցութիւն ունեցած եմ Զելենսքիի հետ, քանի որ ինծի հաճելի չէր անոր ըսածները։ Ես միշտ ըսեր եմ, որ ան յաղթաթուղթ չունի, եւ իրօք, ան չունի»,-յայտարարած է Թրամփը ՝ մեկնաբանելով Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները: