Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին կիրակի՝ 21 մայիսիսն, առցանց պիտի մասնակցի Հերոշիմայի մէջ կայանալիք Եօթնեակի գագաթնաժողովին, յայտարարած է Ճափոնի կառավարութիւնը ենթադրութիւններէն ետք, թէ ան կրնայ անձամբ մասնակցիլ հանդիպման։ Այս մասին գրած է Kyodo News-ը։
Երբ Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիսիտան մարտ 21-ին անակնկալ ուղեւորուած էր Քիեւ՝ Զելենսքիի հետ բանակցութիւններու համար, ըսած էր, որ հրաւիրած է Ուքրանիոյ առաջնորդը ուրբաթ օրուընէ առցանց մասնակցելու եռօրեայ գագաթնաժողովին։
Մայիս 15-ին Reuters-ը գրած էր, որ Եօթնեակի երկիրներու առաջնորդները կը ծրագրեն խստացնել Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներն այս շաբաթ Ճափոնի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովին։
Պատժամիջոցները կը վերաբերին ուժանիւթի եւ արտահանման, ըսած են քննարկումներուն անմիջականօրէն տեղեակ պաշտօնեաները: